2015-10-21 10:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը ''Ընտանիք`սիրոյ մէջ հաւատարմութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 21 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ու շարունակելով Ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց ''Սիրոյ Հաւատարմութեան'' վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր ըսաւ Սրբազան Պապը, Ընտանիքի իրականութիւնը հիմնուած է այն հաւատարմութեան խոստումին վրայ որ ամուսնացեալ զոյգերը կը կատարեն։ Ընտանիքի համայն իրողութիւնը հիմնուած է խոստումի վրայ` խոստում սիրոյ, խոստում այր ու կնոջ միջեւ որ է ապա յանձնառում դաստիարակելու զաւակները, ու խնամելու ընտանիքի տկար անդամները­, հուսկ իրարու նեցուկ կանգնելու` իրականացնելու համար մէկն ու միւսին ձգտումները, ընդունելով մէկը միւսին սահմանափակ կարողութիւնները։

Մեր այս օրերուն այս հաւատարմութեան խոստումը տկարացած է ընկերութեան մէջ։ Մէկ կողմէն ան կախեալ է ազատութեան իրաւունքի սխալ ըմբռնումէն ու ամէն գնով անձնական քմահաճոյքի հետապնդումէն միւս կողմէն կեանքի կապերն ու յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ յանձնառումներն ու հասարակաց բարիքը` ենթակայ են միայն օրէնքի իրաւունքին։ Մինչ` իրականութեան մէջ, ոչ մէկը կը փափաքի սիրուած ըլլալ իր ստացուածքներուն համար եւ կամ պարտաւորութեամբ։

Սէրը` բարեկամութեան նման, իրենց ուժն ու գեղեցկութիւնը կը գտնեն ազատ կապին մէջ։ Առանց ազատութեան չկայ բարեկամութիւն, չկայ սէր, չկայ ամուսնութիւն։ Ազատութիւն եւ հաւատարմութիւն իրարու հակառակ չեն ընդհակառակը իրար զիրար կը լրացնեն­, ըլլայ միջ-անձնական յարաբերութիւններուն մէջ, ըլլայ ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ։

Պահ մը մտաբերենք այն աւերները զոր կը գործուին, զանազան մարզերէն ներս, խոստումներու յարգանքի պակասի պատճառաւ։

Խոստումի յարգանքը, եւ տրուած խօսքը պատուել, առուտուրի առարկայ չեն։  Հաւատարմութիւնը կ՛աճի ազատ կամքով տրուած խոստումի յարգանքով եւ կարելի չէ որ առանց զոհողութիւններու գործադրուի։ 

Ոչ մէկ ուրիշ դպրոց կարող է սորվեցնել սիրոյ ճշմարտութիւնը եթէ ոչ ընտանիքը։ Ոչ մէկ օրէնք կարող է պարտադրել այս մարդկային արժանաւորութեան ժառանգութեան գեղեցկութիւնը։

Հրատապ է առ այդ վերահաստատել սիրոյ հաւատարմութիւնը, որ փրկագործութեան մէջ արձանագրուած է որպէս մնայուն օրհնութիւն` որը վստահուած է աշխարհին։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ ''Մեր խոստումի հաւատարմութիւնը վստահուած է միշտ Աստուծոյ շնորհքին ու անոր ողորմութեան'' ապա հայցեց որ ''Տէրը մեզի շնորհէ կարողութիւնը յարգելու մեր խոստումները''  հուսկ ներկաները հրաւիրեց  աղօթելու Սիւնհոդոսական հայրերուն համար։ ''Աստուած օրհնէ անոնց աշխատանքը, որ ստեղծագործ հաւատարմութեամբ կը կատարուի, այն վստահութեամբ թէ Ինք` մեր Տէրը, առաջինն է որ հաւատարիմ է միշտ իր խոստումներուն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։

''Վաղը կը նշուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծիսական տօնակատարութիւնը։ Սիրելի երիտասարդներ, անոր կեանքի վկայութիւնը, ըլլայ ձեր ուղեւորութեան տիպար, սիրելի հիւանդներ ուրախութեամբ կրեցէք տառապանքի խաչը այնպէս ինչպէս ինք սորվեցուց մեզ եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ հայցեցէք անոր բարեխօսութիւնը` որպէսզի ձեր նոր ընտանիքին մէջ երբեք չպակսի սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.